Արցախի Տեղեկատուական կեդրոնը կը հաղորդէ.
«Սեպտեմբեր 18-ին, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Ստեփանակերտի գրասենեակին եւ Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ռուսական զօրախումբի հրամանատարութեան հետ գոյացած համաձայնութեամբ, Բերձորի միջանցքով՝ Գորիս–Ստեփանակերտ մայրուղով Ստեփանակերտ փոխադրուած է շուրջ 23 թոն հայկական արտադրութեան ալիւր, իսկ Ակնայ–Ստեփանակերտ ճամբով՝ արտասահմանեան (ռուսական, զուիցերական) արտադրութեան բժշկական եւ առողջապական պարագաներ, որոնք փորձաքննութենէ ետք կը յատկացուին համապատասխան գերատեսչութիւններուն և կ՚օգտագործուին ըստ կարիքներու:
Կը տեղեկացնենք նաեւ, որ քանի մը օր յետոյ կրկին նոյն ուղղութիւններով Ռուսաստանի Ռոստով քաղաքէն բեռներու փոխադրութիւն կը նախատեսուի Կարմիր խաչի բեռնակառքերով»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։