Search
Close this search box.

Արցախցի չորս վիրաւորներ փոխադրուած են Ֆրանսայի հիւանդանոցները

Ստեփանակերտի մօտ տեղի ունեցած պայթումին եւ Ազերպայճանի յարձակման հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուած եօթը Արցախցիներ փոխադրուած են Ֆրանսա եւ Պուլկարիա։ Հոկտեմբեր 6-ի կէսօրին, անոնցմէ չորսը փոխադրուած են Ֆրանսայի հիւանդանոցները՝ համաձայն Արտաքին գործոց նախարար Գաթրին Գոլոնայի Երեւանի մէջ ստանձնած յանձնառութեան։