Արցախի նախկին Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան Դիմագիրքի իր էջին գրառումով հարցադրած է, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի կառավարութիւնը ցարդ սուգ չէ յայտարարած Արցախեան վերջին պատերազմի եւ պենզինի պահեստի պայթումի զոհերուն յիշատակին:
«Նման տարողութեամբ ողբերգութիւնը, երբ շուրջ 500 անձ զոհուած է, գումարած Արցախի ժողովուրդի ամբողջական հայրենազրկումը, առաւել քան համապետական ու համազգային սուգի հիմք կը հանդիսանայ: Որքան ալ փաստօրէն սուգը շատ է մեր կեանքին մէջ, սակայն այդպիսի խորհրդանշական պետական արարողակարգերը եւ անոնց բացակայութիւնը ցոյց կու տան իշխանութիւններու գաղափարախօսական վերաբերումը իրադարձութիւններու նկատմամբ:
Սուգ յայտարարելու վերջին կարելիութիւնը, ըստ իս, Հոկտեմբեր 29-ն է՝ պատերազմի 40-րդ օրը…»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։