Search
Close this search box.

Ա. Հիտալկօ, Զ. Պերթրան, Պ. Ռըթայօ եւ Ժ. Բարսեղեան Օգոստոս 30-ին Բերձորի միջանցք կ՚երթան 

 

Փարիզի քաղաքապետուհին՝ Անն Հիտալկօ, Ֆրանսայի կարգ մը շրջաններու նախագահներու եւ բարձրաստիճան այլ անձնաւորութիւններու հետ Օգոստոս 30-ին պիտի ընկերակցի CCAF-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ ֆրանսական մարդասիրական շարասիւնին։

Այս մասին CCAF հրապարակած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«CCAF-ի խնդրանքին՝ Փարիզի քաղաքապետը ընդառաջեց ու դիմեց Ֆրանսայի տեղական իշխանութիւններուն՝ 2022 Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր աշխարհէն կտրուած Արցախի Հանրապետութիւն մարդասիրական շարասիւն կազմակերպելու համար: Այս ծրագրին կ՚աջակցին Իլ-տը-Ֆրանսի, Օվերնեը-Ռոն-Ալփի, Հօ-տը-Ֆրանսի, Օքսիթանիոյ, Փրովանս – Ալփ – Գոթ տ՚Ազիւրի եւ Փէի տը լա Լուառի շրջանները, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի քանի մը քաղաքներ: Անն Հիտալկօ, Զաւիէ Պերթրան, Պրիւնօ Ռըթայօ, Ժանն Բարսեղեան, ինչպէս նաեւ Փաթրիք Քարամ եւ Միշէլ Ռիւպիրոլա որոշած են ֆիզիքապէս ուղեկցիլ այս շարասիւնին, որը Բերձորի միջանցք պիտի հասնի Օգոստոս 30, ժամը 12-ին:

CCAF շնորհակալութիւն կը յայտնէ շրջաններուն, տեղական համայնքներուն իրենց նիւթական աջակցութեան, ինչպէս նաեւ այս ծրագրին մէջ ներգրաւուած ընտրեալներուն՝ իրենց քաղաքական խիզախութեան ու ֆիզիքական ներկայութեան համար:

CCAF կոչ կ՚ընէ նաեւ ֆրանսական եւ եւրոպական իշխանութիւններուն՝ դիւանագիտական յատուկ միջոցներ ի գործ դնելու, որպէսզի առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներով բեռնուած ֆրանսական 10 բեռնատարները անցնին Ազերպայճանի ապօրինաբար տեղադրած անցակէտը եւ հասնին իրենց նպատակակէտը։

Մինչ Արցախի հայ բնակչութիւնը սովի մատնուած է, աւելի քան երբեք ժամանակն է զօրակցելու, քայլերու դիմելու եւ  ընդհանուր կրաւորականութեան պայմաններու մէջ, մեր աչքին առջեւ ծաւալող մարդասիրական աղէտին պատասխանատուները պատժելու»։

CCAF-Ի ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Փարիզ, Օգոստոս 24

Ըստ Ֆիկառոյի՝ Ֆրանսա Արցախեան խնդրի վերաբերեալ բանաձեւ պիտի ներկայացնէ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդին

« Le Figaro » թերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսա կը պատրաստուի բանաձեւ ներկայացնելու ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին՝ Ազերպայճանի պարտադրած շրջափակման պատճառով սովի եզրին կանգնած Արցախի 120 հազար բնակիչներուն օգնութեան հասնելու համար։ Թերթը կը նշէ, որ Փարիզ եւ Ֆրանսայի մեծ շրջանները մարդասիրական օգնութեան շարասիւն կ՚ուղարկեն Հայաստան (տե՛ս. վերի լուրը)։