Search
Close this search box.

Բողոքի նոր ցոյց՝  «Հանրապետութիւն» հրապարակին վրայ

Մայիս 30-ի առա­ւօտեան, «Տա­ւու­շը յա­նուն Հայ­րե­նիքի» նա­խաձեռ­նութիւ­նը Բագ­րատ սրբա­զանի գլխա­ւորու­թեամբ բո­ղոքի նոր ցոյց մը կա­տարած է «Հան­րա­պետու­թիւն» հրա­պարա­կին վրայ՝ կա­ռավա­րու­թեան նիս­տին զու­գա­հեռ: Վար­չա­պետի հրա­ժարա­կանը պա­հան­ջող ցու­ցա­րար­նե­րը կառ­քե­րով բո­լոր կող­մե­րէն մուտք գոր­ծած են հրա­պարակ:

Կա­ռավա­րու­թեան շէն­քը՝ քա­նի մը շար­քով պատ կազ­մած զրա­հաւո­րուած ոս­տի­կան­նե­րուն հսկո­ղու­թեան տակ կը գտնո­ւէր:

Ոս­տի­կան­նե­րը պար­բե­րաբար ձեր­բա­կալած են ցո­ւցարար­նե­րը:

Հա­կառակ ճամ­բան բա­նալու ոս­տի­կանու­թեան պա­հանջնե­րուն՝ Բագ­րատ ար­քե­պիս­կո­պոս Գալստա­նեան յայ­տա­րարած, թէ պի­տի մնան այնտեղ, որ­պէսզի իրենց պա­հանջնե­րը հասցնեն կա­ռավա­րու­թեան:

Սրբա­զան հայ­րը կա­ռավա­րու­թեան շէն­քը որա­կած է «բանտ»՝ նկա­տի ու­նե­նալով, որ եթէ նա­խապէս վար­չա­պետ Փա­շինեան կը կա­րողա­նար հե­ծանի­ւով շրջիլ քա­ղաքին մէջ, հի­մա ան փա­կուած է շէն­քին մէջ ու դուրս չի գար՝ հան­դի­պելու ժո­ղովուրդին հետ: ■