Մայիս 31-ին, Բագրատ սրբազանի առաջնորդած երթի մասնակիցները հաւաքուած են Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարութեան շէնքին դիմաց՝ պահանջելով հանդիպում Արարատ Միրզոյեանի հետ, որպէսզի թուրք-ազերպայճանական պահանջներու մասին անոր հարցումներ ուղղեն։
Սակայն ո՛չ նախարարը եւ ո՛չ ալ ԱԳ նախարարութեան ոեւէ պաշտօնեայ շէնքէն վար իջած է։ Փոխարէնը բազմաթիւ ոստիկաններ յարձակած են խաղաղ անհնազանդութեան ցոյցի մասնակիցներուն վրայ՝ ուժով ետ մղելով զանոնք։ Ոստիկանները սանդուխներուն վրայ կեցած մարդիկ գետին տապալած եւ անոնց հագուստները պատռած են։ Անոնք ոտքով հարուածած են նաեւ Բագրատ սրբազանը եւ լրագրողներէն մէկը ու ձերբակալած աւելի քան երեք տասնեակ քաղաքացիներ։
«Չէք մարսելու, Արարատ Միրզոյեան, ա՛յ վախկոտ։ Վահէ Ղազարեան, պատասխան ես տալու»,– ի պատասխան ստեղծուած իրավիճակին յայտնած է Բագրատ սրբազան, իսկ ցուցարարները սկսած են Արարատ Միրզոյեանի հասցէին վանկարկել՝ «օմեկա», «օմեկա»…։
* * *
Նշենք, թէ իշխանական ճակատէն ալ կը պնդեն, թէ այս ցոյցերու նախաձեռնողներուն հետապնդած նպատակն է ժողովուրդը լարել ոստիկանութեան դէմ, որ իշխանութեան ներկայացուցիչ առաջին, «հասանելի շերտ»-ն է։ Կ՚ըսեն, թէ ոստիկանութեան դէմ գրգռութեան արարքները անպակաս են, ոստիկաններ եւս բռնութեան արարքներու, հայհոյանքներու կ՚ենթարկուին, վնասներ կը հասցուին ոստիկանական կառքերու։ Մեզի որքան ալ դժուար ըլլայ արձագանգելը՝ նշենք որ որոշ քաղաքագէտներ նոյնիսկ չեն վարանիր պնդելու, թէ բողոքի շարժումի առաջնորդներուն նպատկն է «արիւն թափել»-ով ձեռք ձգել իշխանութեան սասանումը։
Յամենայն դէպս, աւելի քան վատառողջ է իրավիճակը։ Շա՜տ մտահոգիչ։
Բագրատ սրբազան Մայիս 31-ի երեկոյեան այցելած է ոստիկաններու գործողութիւններու հետեւանքով վիրաւորուած քաղաքացիներուն։
Նոյն օրը իրիկունը տակաւին հիւանդանոցը կը գտնուէին շարժումի անդամներէն Արման Սարգսեան, Դանիէլ սրկ. Գէորգեան եւ բժ. Նիկոլայ Գրիգորեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։