Search
Close this search box.

ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒԱԾ ԱՐՑԱԽ – Ալիեւ շնորհաւորած է Շուշիի բնակիչները, իրենց՝ «հայրենիք վերադարձ»-ին կապակցութեամբ

Մայիս 10-ին Ազերպայճանի նախագահը շնորհաւորած է Շուշիի բնակիչները, «իրենց հայրենիքը վերադառնալ»-նուն կապակցութեամբ։
«Երեսուներկու տարի յետոյ կը վերադառնաք Շուշա՝ ձեր հայրենի հողը։ Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ ձեզ այս հրաշալի պատմական իրադարձութեան կապակցութեամբ։ Դուք կարօտով ապրեցաք երեսուներկու տարի, բայց ես գիտեմ, որ Շուշան երբեք չմոռցաք, գիտէիք ու կը հաւատայիք, որ պիտի վերադառնաք այստեղ։ Ես այդ գիտէի, կը հաւատայի եւ որպէս նախագահ, 2003-էն ի վեր ջանք չխնայեցի ձեզ եւ նախապէս բոլոր տեղահանուածները իրենց հայրենի հողերը վերադարձնելու համար»,– ըսած է Ալիեւ, Շուշի «վերադարձած» բնակիչներուն տրամադրուող տուներու բանալիներուն  յանձնումի արարողութեան ունեցած ելոյթին։