Search
Close this search box.

Գահիրէի հրապարակներէն մէկուն պիտի տրուի Հայաստանի անունը

Մարտ 5-6-ին երկօրեայ պաշտօնական այցով Գահիրէ գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ եգիպտացի պաշտօնակից Մոսթաֆա Մատպուլիի հետ հանդիպման ընթացքին վերջինս շնորհակալութիւն յայտնած է հայկական կողմին՝ Երեւանի հրապարակներէն մէկուն Եգիպտոսի անունը տալուն համար։ Ան նաեւ աւելցուցած է, թէ իրենք ալ Եգիպտոսի մայրաքաղաքի հրապարակներէն մէկուն պիտի տան Հայաստանի անունը։

Լուրը կը հաղորդէ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմը, որ կը նշէ նաեւ որ Եգիպտոսի վարչապետը կարեւոր համարած է երկու երկիրներու միջեւ խոր եւ դարաւոր պատմական յարաբերութիւնները եւ աւելցուցած, որ Եգիպտոսի հայ համայնքը կ՚ապրի եգիպտական ​​հասարակութեան լաւ համարկուած, առանց խնդիրներ յառաջացնելու։