Search
Close this search box.

ԳԱՆԱՏԱ – Արամ Շուժունեան Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու համակարգող նշանակուած է

«Հորիզոն» շաբաթաթերթէն կը տեղեկանանք, թէ Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի գանատահայ երիտասարդ Արամ Շուժունեանը նշանակած է Նախարարութեան քաղաքական հարցերու համակարգող։ Արդէն երկու տարիէ ի վեր ան Նախարարութեան համակարգի պաշտօնատարներէն էր։

Արամ Շուժունեան Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջանաւարտ է։ Մոնրէալի համալսարանին մէջ հետեւած է քաղաքական գիտութիւններու ճիւղին։ Եղած է Համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան ատենապետ, ինչպէս նաեւ անդամակցած է ՀՅԴ Արմէն Գարօ ուսանողական միութեան։ «Հորիզոն»-ի կայքէջով հրապարակուած են իր քաղաքական, վերլուծական յօդուածները։