Search
Close this search box.

Գեղամ Ստեփանեան. «Հայաստանի մէջ կը շարունակուի արցախցիներու նկատմամբ ատելութիւնը»

Արցախի Մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան ահազանգ կը հնչեցնէ, թէ Հայաստանի մէջ  արցախցիներու նկատմամբ ատելութեան խօսքը ոչ միայն չի նուազեր, այլեւ օրէ-օր կը սաստկանայ նորանոր դրսեւորումներով։

Գեղամ Ստեփանեան թշնամիին կողմէ գրաւուած Արցախէն բռնի տեղահանուած հայրենակիցներու նկատմամբ ատելութեան խօսքի դրսեւորման կցուած օրինակ մը ներկայացուցած է։