Search
Close this search box.

Գեղարքունիքի մարզպետը՝ ազերպայճանական ուժերու չհեռանալու պարագային. «Կ՚օգտագործուի այլ գործիքակազմ մը, որուն միջոցով անոնց կը ստիպենք, որ ետ քաշուին» 

Յունիս 5-ին, Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ասուլիսին՝ Գեղարքունիքի մարզպետ Կարէն Սարգսեան յայտնած է, թէ ազերպայճանական ուժերը պէտք է ետ քաշուին Գեղարքունիքի մարզի տարածքներէն, որոնք այսօր կը գտնուին անոնց զօրքերու հսկողութեան տակ։

Հարցումին, որ եթէ սահմանի զատումէն յետոյ չքաշուին ի՞նչ քայլեր նախատեսուած են, մարզպետը սապէս պատասխանած է. “Կ՚օգտագործուի այլ գործիքակազմ մը, որուն միջոցով անոնց կը ստիպենք, որ ետ քաշուին”։

Ան յստակացուցած է, որ տարբեր գործօններ կան, զորս կարելի է օգտագործել, իսկ ուժը՝ ամէնէն վերջին գործիքն է։

Սարգսեան նշած է, որ 2022-ի սեպտեմբերեան դէպքերու ընթացքին ազերպայճանական բանակի՝ սահմանին յարող 12 բնակավայրերու վրայ յարձակման հետեւանքով, շարք մը հատուածներու մէջ անոնք տակաւին կը գտնուին Հայաստանի ինքնիշխան հողին վրայ։