Search
Close this search box.

Դանիա 1 միլիոն քրոն յատկացուցած է Հայաստանին՝ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն օգնելու համար

Դանիա 1 միլիոն քրոն (շուրջ 134 հազար եւրօ) յատկացուցած է Հայաստանին՝ Արցախէն բռնի տեղահաններուն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու համար։ Այս առթիւ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է Դանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

«Օգնութիւնը կը տրամադրուի Դանիոյ Կարմիր Խաչի միջոցով, որ կ՚աջակցի Հայկական Կարմիր Խաչին՝ օժանդակելու Լեռնային Ղարաբաղի շրջաններէն հակամարտութենէն տուժած, իրենց տուներէն տեղահանուած հայ բնակչութեան՝ անոնց ապաստան տրամադրելու, առողջապահութեան եւ խնամքին համար»,– ի միջի այլոց, ըսուած է Դանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։