Search
Close this search box.

Դաշնակցական երիտասարդուհիին Հայաստան մուտքը արգիլուած է

Օգոստոս 1-ին, դաշնակցական Արենի Մարկոսեանի մուտքը Հայաստան արգիլուած է, անոր թոյլ չեն տուած դուրս ելլել «Զուարթնոց» օդակայանէն, առանց սակայն որեւէ բացատրութեան։

Այնուհետեւ շուրջ 24 ժամ ետք միայն անոր հետ կապ հաստատած են Մարդկային իրաւանց պաշտպանի գրասենեակէն եւ ըսած, թէ երիտասարդուհին ընդգրկուած է Հայաստանի համար անբաղձալի անձերու ցանկին մէջ…:

Մարկոսեան ԱՄՆ-ու քաղաքացի է եւ Լիբանանէն Հայաստան եկած էր։ 24 ժամ Երեւանի օդակայանը մնալէ ետք ան վերադարձած է Լիբանան։

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխանուհի Քրիստինէ Վարդանեան հաղորդած է, թէ այս տարի արդէն 6-րդ դաշնակցականն է, որ յայտնուած է անբաղձալի անձերու ցանկին վրայ։