Search
Close this search box.

Եկեղեցին հակադարձած է Ալէն Սիմոնեանի «հարկ վճարելու» յայտարարութեան. «Սուտ, եւ անտեղեակութիւն»

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Արշակ արք. Խաչատրեան հակադարձելով Մայիս 21-ին, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի՝ եկեղեցին հարկային դաշտ ներառելու յայտարարութիւններուն, զանոնք վրէժխնդրութիւն, սուտ եւ անտեղեակութիւն որակած է։

“Խնդրոյ առարկայ անձը, փաստօրէն մրցանակակիր լինելով թքելու մէջ, անխոցելի է նաեւ պոռոտախօսութեան գործում եւ առաւել անմրցելի՝ անտեղեակութեան մէջ: Եթէ խօսելուց առաջ կարելի չէ՝ գէթ պէտք է փորձել դրանից յետոյ մտածել: Նոյնիսկ այդ դէպքում դժուար չէր լինի տեղեկանալ, որ Եկեղեցու՝ հարկեր չվճարելու մասին պնդումները, մեղմ ասած սուտ են”,– «Սփութնիք Արմենիա»-ի հետ զրոյցին յայտնած է Սրբազան հայրը։

Այս կապակցութեամբ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ Աջապահեան ալ Սիմոնեանի յայտարարութիւնը վրէժխնդրութիւն անուանած է։ Ըստ անոր՝ իշխանութեան ներկայացուցիչները պետական մտածողութիւնը վերածած են անձնական քինախնդրութեան։

Ըստ Պետական եկամուտներու յանձնախումբին հրապարակած տուեալներուն՝ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին ոչ միայն հարկեր կը վճարէ, այլեւ 2024-ի առաջին եռամսեայի տուեալներով եկեղեցին 488-րդն է ամէնէն շատ հարկ վճարող 1000 անունի ցանկին մէջ։ Եկեղեցին ունի բազում սպասաւորներ ու աշխատակիցներ, կ՚օգտուի տարբեր աշխատանքային ծառայութիւններէ եւ բնական է, որ հարկեր կը վճարուին: Եկեղեցին Հայաստանի մէջ, ինչպէս տարբեր երկիրներու պարագային, ազատ կը կացուցուի որոշ հարկերէ՝ մեկնելով իր կրթական, ընկերային եւ բարեսիրական գործունէութեան բնոյթէն եւ Հայաստանի մէջ այս պարագան նաեւ սահմանուած է եկեղեցի-պետութիւթիւն յարաբերութիւնները կարգաւորող օրէնքով։