Search
Close this search box.

Երասխի մետաղագործութեան գործատունը կը փոխադրուի ապահով վայր մը

Երասխի մետաղագործութեան գործատունը,– որու ուղղութեամբ Ազերպայճանցիները յաճախ կը կրակեն,– կը փոխադրուի այլ վայր մը։ Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դէտերու առաքելութիւնը, X-ի իր հաշիւին կատարած գրառումով։ Դէտերը կը նշեն, թէ իրենք կը նպաստեն գործատան սարքերու ապահով փոխադրութեան աշխատանքներուն։

Յիշեցնենք, որ օրին ԱՄՆ-ու դրօշակը պարզուած էր գործատան տարածքին՝ կանխելու համար Ազերպայճանցիներու կրակոցը, սակայն այդ քայլը որեւէ կերպով չէր ազդած հակառակորդի յարձակողական վարքագծին վրայ։