Search
Close this search box.

Երբ Պաքու կ՚անէացնէ մինչեւ իսկ ֆրանսահայ ըմբիշին ողիմպիական երազանքը

Ֆրանսահայ ըմբիշ Գագիկ Սնջոյեան, մեկնելով անվտանգութեան նկատառումներէ, հրաժարած է մասնակցելէ Ազերպայճանի մէջ կայանալիք ըմբշամարտի Եւրոպայի ընտրական մրցաշարքին, որ անհրաժեշտ հանգրուան մըն էր ամռան Փարիզի մէջ կայանալիք Ողիմպիականներու մասնակցութեան «անցագիր» ձեռք ձգելու համար։

Մինչդեռ, Սնջոյեան Ֆրանսայի թիւ մէկ ըմբիշն էր յունահռոմէական ոճի 67 քկ. դասակարգին մէջ եւ պէտք է մասնակցէր Ապրիլ 5-7 Պաքուի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ընտրական մրցաշարքին, սակայն անոր ընտանիքի անդամները, որոնք մտահոգ էին հայ երիտասարդին անվտանգութեամբ, տարհամոզած են զինք, որ չմեկնի Ազերպայճան:

“Ոեւէ հայ, որ կը մտնէ ազերպայճանական տարածք, կրնայ չվերադառնալ: Ես չեմ այդ ըսողը, այլ՝ ապրուած դէպքերը այդ ցոյց կու տան”,– ԱՖՓ-ին ըսած է 22-ամեայ երիտասարդը: “Եթէ վերջին շրջանին կը հետեւիք Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ լարումին, հաստատած ըլալու էք որ իսկապէս բարդ է իրավիճակը, ոչ մէկ հայ կ՚երթայ Ազերպայճան եւ հակառակը”,– ընդգծած է հայ մարզիկը։

2001-ին Երեւան ծնած Սնջոյեան իր ըմբշամարտի ասպարէզը սկսած է հայրենի երկրին մէջ, նախքան ընտանիքին՝ շուրջ մէկ տասնամեակ առաջ Ֆրանսա ապաստանիլը:

Հակառակ Ֆրանսայի ըմբշամարտի դաշնակցութեան՝ անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու առաջարկին Սնջոյեան մերժած է մեկնիլ, իր իսկ վկայութեամբ՝ ստիպուելով կայացնել մարզական իր ասպարէզի «ամենադժուար» որոշումը: “Ես երբեք նման իրավիճակի մէջ չէի յայտնուած: Կը մտածէի, որ այսպիսի բաներ չեն կրնար պատահիլ ինծի, անոնք միայն ուրիշներու համար են: Իսկ երբ ձեզի ալ կը պատահի…։ Մէկ կողմը ունիս քու ընտանիքը, միւս կողմը՝ քու երազանքն ու տասնամեակներ ամբողջ հոսեցուցած քրտինքդ… ես որոշեցի գերադասել իմ ընտանիքը”,– եզրափակած է Սնջոյեան։

Դժբախտ հայ մարզիկը փոխարինուած է քաշային իր դասակարգին Ֆրանսայի թիւ 2-ին՝ Մամատասա Սիլլայի կողմէ։