Search
Close this search box.

Երեւանի կեդրոնը փակցուած  «Հայ ղեկավարները Պաքուի բանտն են» գրութեամբ պաստառը անմիջապէս վերցուած է

 

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը Դեկտեմբեր 23-ին Երեւանի Խանջեան փողոցի կամուրջի երկու կողմերուն կախած է «Հայ ղեկավարները Պաքուի բանտն են» գրութեամբ եւ Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան լուսանկարներով պաստառներ, հրապարակելով նշեալ գործիչներուն աջակցող յայտարարութիւն մը, ուր Միութիւնը կը դատապարտէր «Հայաստանի մէջ Արցախի Հանրապետութեան պետական հաստատութիւններու գործունէութեան դէմ կատաղի պայքար մղող եւ Արցախի բռնի հայաթափումը այս օրերուն Երեւանի մէջ տօնող  իշխանութիւնները»։ 

Պաստառը քանի մը ժամ վերջ վերցուցած են Երեւանի կեդրոնէն։