Search
Close this search box.

Երեւանի մէջ երթ՝ յաջակցութիւն Ռուբէն Վարդանեանի եւ Ազերպայճանի կողմէ գերեվարուած Արցախի այլ գործիչներու

Սեպտեմբեր 30-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է երթ՝ յաջակցութիւն Ռուբէն Վարդանեանի եւ Ազերպայճանի կողմէ գերեվարուած Արցախի այլ գործիչներու։

Երթին մասնակցած դերասան Վարդան Պետրոսեան լրագրողներուն յայտնած է. “Ռուբէն Վարդանեանը ոչ առաջինն է, եւ ոչ էլ վերջինը, հիմա հանգիստ ձերբակալելու են Արցախի ամբողջ իշխանութիւնը: Կատակ չեմ անում, հնարաւոր է, որ  պահանջեն Երեւանից կամ Գիւմրիից այս կամ այն քաղաքական գործիչը գլուխը կախ յանձնուի իրենց: Յետոյ կարող են Սփիւռքից ինչ-որ մարդկանց պահանջել: Սրա դէմը պէտք է առնել”:

Վարդան Պետրոսեան

Արուեստագէտը այս հարցին մէջ Հայաստանի իշխանութիւններու աշխատանքները անբաւարար գնահատած է:

“Ցաւօք սրտի, ես ոչ մի քայլ չեմ տեսնում: Մենք կողքի երկրներում ունենք օրինակներ, թէ ինչպիսի խստութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ են իրենց քաղաքացիներին պաշտպանում”,– դիտել տուած է ան, նշելով թէ ինք կը շարունակէ պնդել, որ իշխանութիւնը պէտք է հրաժարական տայ:

Յիշեցնենք, որ Արցախի նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, որ անգնահատելի աւանդ ներդրած է Արցախի եւ Հայաստանի կեանքին մէջ ոչ միայն իբրեւ հասարակական եւ պետական գործիչ, այլ նաեւ որպէս մեկենաս եւ գործարար, Սեպտեմբեր 27-ին գերեվարուած է ազերպայճանցի զինուորականներուն կողմէ։

Անոր դէմ առաջադրուած են անհեթեթ եւ շինծու մեղադրանքներ։

Միւս կողմէ, ազերպայճանական լրասփիւռները տեղեկացուցած են, որ Սեպտեմբեր 30-ին Արցախի նախկին Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան եւս ձերբակալուած է։ Նշուած է, որ անոր դէմ եւս յարուցուած է քրէական գործ։ 

Նոյն աղբիւրներուն համաձայն՝ Ազերպայճանցիները ձերբակալած են նաեւ Արցախի Պաշտպանության բանակի նախկին հրամանատար զօրավար Լեւոն Մնացականեանը, Անվտանգութեան խորհուրդի նախկին ղեկավար Արշաւիր Ղարամեանը եւ Պաշտպանութեան բանակի նախկին փոխհրամանատար զօրավար Դաւիթ Մանուկեանը։ Այս վերջինի ձերբակալութեան լուրը հաստատած է եղբայրը՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխան Գեղամ Մանուկեան։