Search
Close this search box.

Երեւանի նախկին քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեան Պաշտպանութեան փոխնախարար նշանակուած է

Վարչապետի որոշումով Երեւանի նախկին քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեան Պաշտպանութեան փոխնախարար նշանակուած է:

2018 Հոկտեմբերին ան նշանակուած էր Երեւանի քաղաքապետի առաջին տեղակալ։ 2021 Դեկտեմբերին ընտրուած էր Երեւանի քաղաքապետ։ 2023 Մարտ 17-ին հրաժարած էր քաղաքապետի պաշտօնէն, իսկ 2023 Ապրիլ 4-ին նշանակուած էր վարչապետի խորհրդական եւ ցարդ կը վարէր այդ պաշտօնը։