Search
Close this search box.

Երեւան-Սեւան  ճամբուն  վրայ  վառելանիւթի կայանի  պայթումէն  վիրաւորուած է եօթը քաղաքացի

Յունիս  6-ի իրիկուան ժամը  11-ին,  Երեւան-Սեւան  ճամբուն վրայ գտնուող վառելանիւթի կայանին մէջ պատահած է  զօրաւոր  պայթում մը, որու հետեւանքով հրդեհ ծագած է՝ պատճառ դառնալով եօթը քաղաքացիի վիրաւորուելուն,  որոնք փոխադրուած են հիւանդանոց։  

Յունիս  7-ի տուեալներով երկու հոգի կը գտնուէին վերակենդանացման բաժնին մէջ։

Քննչական կոմիտէին համաձայն՝ դէպքին առնչութեամբ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։