Search
Close this search box.

Երեք հայ զինուորներ նահատակուած են, երկու ուրիշներ ալ՝ վիրաւորուած

Ազերպայճան կրակ բացած է Նորաբակի եւ Սոթքի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ Օգոստոս 31-ին ազերպայճանական կողմը կրակ բացած է Վարդենիսի Սոթք, աւելի ուշ նաեւ Նորաբակ գիւղերու հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ։  Թշնամին գործածած է հրասանդ եւ անօդաչու սարքեր։

Նոյն օրը կէսօրէ ետք Նախարարութիւնը հաղորդած է թէ հայկական կողմը ունի երեք զոհ եւ երկու վիրաւոր։ Վերոնշեալ շրջաններուն մէջ կացութիւնը լարուած կը մնայ։ Հայաստան կը ձեռնարկէ անհրաժեշտ պաշտպանական միջոցներու։