Քրտական Firatnews առցանց թերթը յղում կատարելով Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) ռազմական թեւը հանդիսացող Քրտական ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան ուժերուն (HPG), հաղորդած է, թէ Հայաստան երկու քիւրտ մարտիկ յանձնած է Թուրքիոյ։
«2021 Օգոստոսին, երբ մեր ընկերները՝ Լեհենկ եւ Ալիշեր, կը հերթապահէին Հայաստանի սահմանին մօտ, դէմ առ դէմ յայտնուեցան հայկական պետութեան ուժերու հետ։ Մեր ընկերները ողջախոհութիւն դրսեւորեցին բացասական իրավիճակէ խուսափելու համար, սակայն զանոնք ձերբակալեցին։ Քրէական հետապնդման ենթարկուած մեր ընկերները իրաւական պայքար մղեցին եւ 2022 Փետրուար 23-ին ազատ արձակուեցան Հայաստանի Վերաքննիչ դատարանին կողմէ։ Մեր ընկերները, որոնք միջազգային իրաւունքի եւ հայկական պետութեան օրէնքներուն համաձայն՝ պէտք է ազատ արձակուէին, առեւանգուեցան եւ բանտարկուեցան հայկական հետախուզութեան կողմէ։ Հակառակ գործադրուած ջանքերու շնորհիւ՝ զանոնք ազատ արձակելու խոստումին՝ մեր ընկերները շուրջ մէկ ամիս առաջ հայկական պետութեան կողմէ յանձնուեցան թրքական պետութեան։ Հայաստանի համար ամօթ է թրքական ցեղասպան պետութեան այսպէս յանձնել՝ իրենց ժողովուրդի գոյութիւնն ու ազատութիւնը պաշտպանելու համար պայքարող, ճնշուած բոլոր ժողովուրդներու ցաւը զգացող Քիւրտիստանի յեղափոխականներ»,– կ՚ըսուէր յայտարարութեան մէջ։
Լուրը բաւական աղմուկ բարձրացուցած ըլլալով՝ Հայաստանի Արդարադատութեան նախարարութիւնը Սեպտեմբեր 25-ին հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է։ Հոն կ՚ըսուի, թէ միայն ինք՝ Արդարադատութեան նախարարութիւնը լիազօրուած է ոեւէ դատապարտեալ յանձնելու իր հպատակութեան երկրին, որ պատիժին մնացեալ մասը հոն կրէ եւ թէ քրտական հպատակութեամբ խնդրոյ առարկայ ենթականերուն նկատմամբ այդպիսի քայլի չէ դիմած, ո՛չ իսկ քննարկած է նման հեռանկար։
Նախապէս ալ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակած էր այս մասին, հերքելու համար վերեւ արծարծուած առեւանգումն ու բանտարկութիւնը, ապա նաեւ՝ յանձնումը իրեն վերագրող լուրերը, զանոնք որակելով «անհիմն ու մերկապարանոց»։
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ ԱԱԾ-ն կը տեղեկացնէ, որ՝ «քրէական վարոյթների շրջանակներում դատապարտուած անձանց յանձնման գործընթացը դուրս է Ծառայութեան լիազօրութիւնների շրջանակից»։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։