Search
Close this search box.

Երկրաշարժ՝ Հայաստանի մէջ 

Մայիս 30-ին, տեղական ժամով 23.27-ին Հայաստանի Ներքին գործոց նախարարութեան Երկրաշարժէ պաշտպանութեան տարածքային ծառայութիւնը արձանագրած է Երեւանէն շուրջ 14 քմ. Հարաւ-արեւելք երկրաշարժ մը, Ռիխթերի աստիճանաչափով՝ 4-5 ուժգնութեամբ։

Ցնցումները զգալի եղած են Երեւանի մէջ, աւելի թեթեւ ձեւով՝ Կոտայքի, Արարատի մարզերուն մէջ։