Search
Close this search box.

Եւրոպայէն 20 միլիոն եւրօ եւս Արցախէն տեղահանուածներուն

 

Կրանատայի մէջ ընթացող Եւրոպական քաղաքական համայնքի երրորդ համաժողովի շրջանակին մէջ, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահուհի Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէն յայտարարած է, թէ 20 միլիոն եւրօ յաւելեալ օգնութիւն պիտի տրամադրուի Հայաստանին, Արցախէն բռնի տեղահանուածներու կարիքներուն համար։

Այն հարցումին, թէ արդեօք Եւրոպական Միութիւնը քայլերու ձեռնարկելու կը պատրաստուի՞ Ազերպայճանի դէմ, Յանձնաժողովի նախագահուհին գոհացած է պատասխանելով, որ Եւրոպական Միութիւնը արդէն «շատ խստօրէն դատապարտած է» Ազերպայճանի յարձակումը։