Search
Close this search box.

Եւրոպայի խորհուրդի Տեղական եւ տարածքային իշխանութիւններու համաժողովը խստօրէն դատապարտած է Արցախի դէմ Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւնը

Եւրոպայի խորհուրդի Տեղական եւ տարածքային իշխանութիւններու համաժողովը Արցախի հարցով հրատապ քննարկում կազմակերպած է եւ ընդունած հռչակագիր մը։

Եւրոպայի խորհուրդի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը այս կապակցութեամբ X-ի իր էջին գրած է հետեւեալը.

«Եւրոպայի խորհուրդի Տեղական եւ տարածքային իշխանութիւններու համագումարը խստօրէն դատապարտեց Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւնը՝ ափսոսանք յայտնելով մարդասիրական հետեւանքներուն համար  եւ Պաքուի կոչ յղեց ազատ արձակելու  Արցախի բանտարկուած ներկայացուցիչները»։