Search
Close this search box.

«Զա՛րկ, երբ հալածում են քեզ». Ջահերով երթ դէպի Ծիծեռնակաբերդի բարձունք

Ապրիլ 23-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի նախօրեակին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն ծայր առած է ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններու նախաձեռնած աւանդական ջահերով երթը, որ այս տարի կը կրէր «Զա՛րկ, երբ հալածում են քեզ» խորագիրը:

Երթէն առաջ արուեստագէտ Դաւիթ Յակոբեան կարդացած է Աւետիս Ահարոնեանի՝ հայ ժողովուրդին ուղղուած «Յարգա՜նք քեզ» ձօնը:

Իր ելոյթին երեսփոխան Գառնիկ Դանիէլեան մասնաւորապէս ընդգծած է. “Մենակ չթողնենք տաւուշցուն, Արցախը կորցրինք` չկարողանալով համախմբուել, Տաւուշը մեր դարպասն է։  Տաւուշում ստեղծուել է Հայրենիքի պաշտպանութեան ճակատ՝ Բագրատ սրբազանի առաջնորդութեամբ։ Տաւուշցին կանգնել է պաշտպանելու իր հողը”։

Ջահերթին մասնակիցները «Հանրապետութիւն» հրապարակին վրայ այրած են Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի դրօշները, ապա «Պայքա՛ր, պայքա՛ր, պայքա՛ր» վանկարկումներով, հայրենասիրական երգերով ու պահանջատիրական կոչերով ուղղուած են դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր։

Երթը առաջնորդած է հոգեւոր դասը: Մասնակիցները պարզած են ա՛յն երկիրներու դրօշակները, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը։

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ երթի մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցած են Ցեղասպանութեան աւելի քան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին եւ ծաղիկներ զետեղած անմար կրակին շուրջ: