Search
Close this search box.

Զոհուած զինուորներու ծնողներուն բողոքի ցոյցը` «Եռաբլուր»-ի մէջ

 

Սեպտեմբեր 21-ի առտու կանուխէն մեծ թիւով ոստիկանական ուժեր կեդրոնացած են «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնի մէջ: 

Ոստիկանները բռնի ուժով ձերբակալած են զոհուած զինուորներու ծնողները,– շուրջ 30 հոգի,– այդ կարգին կիներ, որոնք բողոքի ցոյց կատարած են՝ թոյլ չտալու, որ Անկախութեան տօնին առիթով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելէ «Եռաբլուր»:

«Մենք չենք ուզում ինքը պղծի մեր երեխեքի շիրիմները»,– բացագանչած են ծնողները:

Հոն ներկայ գտնուող փաստաբան Վահան Յովհաննիսեան յայտնած է, թէ ծնողներէն երկուքը մարմնական վնասներ կրած են։

 

Զոհուածներու ծնողները վար առած են պետական դէմքերու կողմէ «Եռաբլուր»-ի մէջ զետեղուած ծաղկեպսակները

Ոստիկաններու ձերբակալած՝ Արցախեան երրորդ պատերազմին զոհուած զինուորներու ծնողները ազատ արձակուելէ ետք, ոտիկանութենէն «Եռաբլուր» վերադարձին վար առած են վարչապետին եւ պետական պաշտօնեաներու անունով զետեղուած ծաղկեպսակները։

Հոգեհանգստեան կարգ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնի մէջ

Սեպտեմբեր 21-ին, Հայաստանի հանրապետութեան Անկախութեան տօնին առիթով, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պաշտօնավարող եպիսկոպոսներու, Հայաստանի թեմակալ առաջնորդներու եւ առաջնորդական փոխանորդներու հետ այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու հայրենիքի անկախութեան եւ անսասանութեան համար իրենց կեանքu ընծայաբերած հայորդիներու յիշատակին: 

Պանթէոնին մէջ Վեհափառ հօր նախագահութեամբ կատարուած է հոգեհանգստեան կարգ։ Հոգեւորականաց դասu աղօթք բարձրացուցած է առ Աստուած քաջորդիներու հոգիներու խաղաղութեան համար:

Նորին Սրբութիւնն ու եկեղեցականներu առանձնաբար այցելած են նաեւ ազգի հերոս զաւակներու շիրիմներուն՝ բերելով իրենց խոնարհումն ու աղօթքը։ 

Նոյն օրը, Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ կատարուած է Հանրապետական մաղթանքի արարողութիւն:

«Եռաբլուր»-ի մէջ նոր փոսեր կը փորուին…

«Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ նոր փոսեր կը փորուին։ Այս օրերուն Հայաստանի տարբեր բնակավայրերուն մէջ հողին կը յանձնուին Սեպտեմբեր 13-ի գիշերը թշնամի Ազերպայճանի յարձակման հետեւանքով անմահացած զինուորներու, կամաւորներու մարմինները։