Search
Close this search box.

«Զօրքի կուտակում չենք տեսներ»

Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի առաքելութիւնը հերքած է Ազերպայճանի յայտարարութիւնը

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) առաքելութիւնը Օգոստոս 14-ին յայտարարած է, թէ իրենք չեն նկատած ռազմական տեղաշարժ կամ զօրքի կուտակում  յատկապէս Բերձորի միջանցքի մուտքին, փաստօրէն հերքելով Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը՝ սահմանին զօրքերու կուտակման վերաբերեալ:

X-ի իր էջին Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը մասնաւորապէս գրած է.

«Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը ամէնօրեայ յաճախականութեամբ կը դիտարկէ ռազմական եւ ապահովութեան իրավիճակը հայ-ազերպայճանական սահմանի երկայնքին: Մենք չենք տեսներ որեւէ արտասովոր տեղաշարժ կամ զօրքի կուտակում յատկապէս Բերձորի միջանցքի մուտքին մօտ: Առաքելութիւնը կը շարունակէ իր հսկողութիւնը տուեալ հատուածին մէջ»:

Նշենք, որ Ազերպայճան յայտարարած էր, որ իբրեւ թէ հայ-ազերպայճանական սահմանին զօրքերու կուտակումներ կան: Այս ապատեղեկութիւնը արդէն հերքած էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ ընդգծելով, որ այդ ստայօդ տեղեկութիւններու տարածումը կը վկայէ տարածաշրջանի իրավիճակը լարելու Ազերպայճանի մտադրութեան մասին:

Կապուեցէք այս էջին ամբողջական պարունակութիւնը տեսնելու համար։

Եթէ չունիք բաժանորդագրութիւն, կրնաք այստեղ արձանագրուիլ՝