Search
Close this search box.

Էդիտա Գզոյեան՝ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի նորընտիր տնօրէնը

 

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի Հոգաբարձուներու խորհուրդի Փետրուար 12-ի նիստին, միաձայնութեամբ թանգարանի տնօրէն ընտրուած է Էդիտա Գզոյեան։

Ռեմոն Գէորգեանի նախագահութեամբ գումարուած նիստին ներկայ եղած են Հոգաբարձուներու խորհուրդի 15 անդամներէն 10-ը, որոնք ծանօթացած են միակ թեկնածու՝ Էդիտա Գզոյեանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի զարգացման տեսլականին։ Գզոյեան պատասխանած է նաեւ իրեն ուղղուած հարցումներուն: 

Ընտրութենէն ետք Գզոյեան շնորհակալութիւն  յայտնած է վստահութեան համար եւ նշած, թէ մեծ պատասխանատւութեամբ կը ստանձնէ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնի պաշտօնը: