Ապրիլ 24-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն հետեւեալ գրառումը կատարած է «X» ընկերային ցանցի իր էջին.
«Այսօր Ֆրանսա կը նշէ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը։ Եկէք վառ պահենք ջարդերու, տեղահանութիւններու եւ հալածանքներու զոհերուն յիշատակը։ Չմոռնա՛նք։ Ֆրանսացիներն ու հայերը յաւերժ կապուած են»:
Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին կապակցութեամբ գրառում կատարած է նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։