Search
Close this search box.

Ըստ Արման Թաթոյեանի՝ Ազերպայճան կը ծրագրէ Հայաստանի մէջ բնակեցնել շուրջ 300 հազար Ազերպայճանցի

Ապրիլ 29-ին տեղի ունեցած է «Դիւանագէտներու համահայկական խորհուրդ» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնած «Հայաստանի արդի մարտահրաւէրները եւ անոնց յաղթահարման այլընտրանքային ուղիները» նիւթով կլոր սեղան-քննարկումը։

Հայաստանի մարդկային իրաւանց նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան այդ քննարկման ընթացքին ունեցած ելոյթին ըսած է, թէ Պաքուի յայտարարութիւններուն համաձայն՝ Ազերպայճան կը ծրագրէ առաջին փուլին Հայաստանի մէջ բնակեցնել շուրջ 300 հազար Ազերպայճանցիներ, միջազգային առաքելութեան հովանիի ներքոյ անվտանգութեան համակարգի առկայութեան  պարագային, որուն պատրաստ է վստահելու այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազերպայճան»-ի համայնքը։ 

Ըստ Թաթոյեանի՝ ակնյայտ է, որ ազերպայճանական կողմը միջազգային երաշխիք ըսելով կ՚ակնարկէ թրքականին եւ թէ Ազերպայճանի քաղաքականութիւնը ուղղուած է Հայաստանի անվտանգութեան համակարգի քայքայման։ Իրաւապաշտպանին համոզումով՝ ներկայ իրավիճակը կ՚ենթադրէ անվտանգութեան նոր ռազմավարութեան հրատապ անհրաժեշտութիւն, որ պէտք է հիմնուած ըլլայ քանի մը սկզբունքի վրայ, ինչ որ «Հայաստանի իշխանութիւններու ներկայ քաղաքականութեան պայմաններուն տակ անկարելի է»։ “Առաջին սկզբունքը պետութեան եւ անձի անվտանգութեան ապահովման կայուն համակարգն է հայ ինքնութեան պահպանմամբ։ Բացի ատկէ, ռազմավարութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ երաշխիքներու վրայ, այդ կարգին իրաւունքի գերակայութեան, իրական ժողովրդավարական արժէքներու, արդիւնաւէտ պետական համակարգի, բանակի մարտունակութեան եւ այլ սկզբունքներու”,– նշած է ան։

Անոր գնահատումով՝ այսօր կը գործուին կոպիտ սխալներ, որոնք կրնան յանգեցնել անդառնալի հետեւանքներու։ Արման Թաթոյեանի պնդումով՝ այսօր տեղի ունեցողը ընդհանուր ոչ մէկ բան ունի սահմանազատման հետ, քանի որ այդ գործընթացը կ՚ենթադրէ քարտէսներու առկայութիւն, կալուածատոմարներու մանրամասն հետազօտութիւն, պահանջներու գնահատում, ճանապարհային քարտէսներու ուսումնասիրութիւն, բնակչութեան իրաւունքներու պարտադիր նկատառում։