Search
Close this search box.

Ըստ Պաքուի՝ Ֆրանսա փորձած է խոչընդոտել ԵՄ-ի դիւանագէտներու մասնակցութիւնը «Լաչին քաղաքի օր»-ուան տօնակատարութեան

 

Ազերպայճանական Trend գործակալութեան համաձայն՝ Ազերպայճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտները Օգոստոս 26-ին մեկնած են Բերձոր (Լաչին)՝ մասնակցելու «Լաչին քաղաքի օր»-ուան շրջանակին մէջ կազմակերպուած տօնական ձեռնարկներուն։ Միջազգային հանրութեան անգամ մը եւս մարտահրաւէր նետելու միջոց, մինչդեռ Ազերպայճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն ապօրինաբար խոչընդոտել Բերձորի միջանցքէն ազատ տեղաշարժը։

Ըստ «Թրենտ»-ի տեղեկատւութեան՝ Ֆրանսա մեծ ջանքեր գործադրած է՝ կանխելու համար ԵՄ-ի անդամ երկիրներու մասնակցութիւնը այս ձեռնարկներուն եւ փորձած է դիւանագէտներուն ներկայութիւնը խոչընդոտել խնդրոյ առարկայ տօնակատարութիւններուն:

«Հակառակ ֆրանսական կողմի գրգռիչ գործողութիւններուն, փորձերը յաջողութիւն չարձանագրեցին։ Այս այցին կը մասնակցէին նաեւ ԵՄ-ի անդամ երկիրներու դիւանագէտներ»,– կը հաղորդէ «Թրենտ», սակայն առանց նշելու թէ ո՞ր երկիրները մասնակցած են։