Մարդկային իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան Դիմագիրքի իր էջին կը գրէ, թէ Հայաստանը զաւթելու Ազերպայճանի իշխանութեան ծրագրով Գոշավանքը, Ապարանի Սուրբ Պօղոս-Պետրոս տաճարը եւ Ախթալայի Սուրբ Աստուածածին վանքը կը պատկանին «հինաւուրց Ազերպայճանին»։
«Ըստ այդ ծրագրի կեղծ տուեալներուն՝ հայկական Գոշավանքը աղուանական (թրքական) տաճար մըն է թրքական սուլթանութեան տարածքին մէջ, եւ Հայերը կը մեղադրուին իբրեւ թէ վանքին “իրական” թրքական անունը փոխելնուն համար։
Ազերպայճանական ծրագրին համաձայն՝ վանքի գտնուելու տարածքը թուրք-օղուզ ցեղերու հայրենիքն է, իսկ առաջին Հայերը “բերուած” են Իրանէն եւ Թուրքիայէն 19-րդ դարու սկիզբը, այնուհետեւ ալ անոնք իւրացուցած են տաճարը։
Հայաստանը գրաւելու ծրագրի կեղծիքներուն համաձայն՝ Ազերպայճանին կը պատկանի Ապարանի հայկական Սուրբ Պօղոս-Պետրոս բազիլիկ եկեղեցին։ Իբրեւ թէ ան “հին թրքական” տաճար մըն է, որ կառուցած են թուրք ցեղերը 5-րդ դարուն, իսկ Հայերը առաջին անգամ Թուրքիայէն բերուած եւ Ապարան բնակեցուած են 1829-1830 տարիներուն։
Ըստ ազերպայճանական յօրինուած ծրագրին՝ այսպէս կոչուած “Արեւմտեան Ազերպայճան”-ի անբաժան մէկ մասն է Ախթալայի հայկական Սուրբ Աստուածածին վանքը, իսկ Ախթալան թուրք ցեղերու հայրենիքն է, ուր մինչեւ 20-րդ դարուն կէսերը իբրեւ թէ Հայ չէ ապրած»,–կը նշէ իրաւապաշտպանը: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։