Search
Close this search box.

ԹԻՒՐՔՄԷՆՍՏԱՆ – Աշխապատի մէջ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ Մշակոյթի նախարարները

Մայիս 17-ին, Աշխապատի մէջ տեղի ունեցող Մշակոյթի նախարարներու միջազգային համաժողովի շրջանակին մէջ, Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ Մշակոյթի և զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյի հետ:

Կողմերը քննարկած են երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ամբողջական բնականոնացման եւ Անիի պատմական կամուրջի վերականգնման վերաբերող հարցեր: