Ազերպայճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Սեպտեմբեր 15-ին Թիֆլիսի մէջ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի փորձագէտներու պատուիրակութիւնները։
Հայաստանի պատուիրակութիւնը ղեկավարած է «Կովկաս» հիմնարկի տնօրէն Ալեքսանտր Իսկանդարեան, Ազերպայճանինը՝ միջազգային յարաբերութիւններու կեդրոնի վարչութեան նախագահ Ֆարիտ Շաֆիեւ:
Առանց մանրամասնութիւններ ներկայացնելու, նոյն աղբիւրը կը նշէ, թէ հանդիպումին քննարկուած են հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։