Search
Close this search box.

«Թիֆլիսի Ներսիսեան հոգեւոր դպրոց-200» խորագրեալ ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը

Յունուար 26-ին, Ներսիսեան հոգեւոր դպրոցի 200-ամեակին առիթով, Թիֆլիսի «Կովկաս» համալսարանին մէջ տեղի ունեցած է «Թիֆլիսի Ներսիսեան հոգեւոր դպրոց-200» խորագրեալ ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը, համալսարանի եւ Հայաստանի դեսպանութեան կազմակերպութեամբ։

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են աւելի քան 200 արխիւային փաստաթուղթեր եւ լուսանկարներ, որոնք կը պահուին Հայաստանի եւ Վրաստանի ազգային արխիւներու, գրադարաններու, Հայաստանի «Եղիշէ Չարենց» արուեստի ու գրականութեան, ինչպէս նաեւ Պատմութեան, Սարդարապատի, Մատենադարանի թանգարաններու եւ անձնական հաւաքածոներու մէջ:

Բացման արարողութեան մասնակցած են Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Գնէլ Սանոսեան եւ Վրաստանի կրթութեան, գիտութեան եւ երիտասարդութեան նախարար Կիորկի Ամիլախվարի, դիւանագէտներ, բարձրաստիճան հիւրեր Հայաստանէն եւ Վրաստանէն։

Ներկաներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են համալսարանի տնօրէն Կախա Շենկելիա եւ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան։ Վերջինս շնորհակալութիւն յայտնած է համալսարանի ղեկավարութեան՝ ցուցահանդէսի կազմակերպման համար, եւ մաղթած, որ համալսարանը, ինչպէս որ օրին եղած է Ներսիսեան դպրոցը, ներսիսեանական ոգիով կը շարունակէ ըլլալ մասնագէտներու դարբնոց, որոնք իրենց հետքը կը թողուն մարդկային քաղաքակրթութեան անդաստանին մէջ։

Այնուհետեւ ցուցահանդէսի հեղինակ, վիրահայ հասարակական գործիչ Լեւոն Չիդիլեան հիւրերուն ներկայացուցած է ցուցադրուող լուսանկարներուն պատմութիւնը։ 

Հանդիսութեան աւարտին, նախարար Ամիլախվարիի եւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի փոխնախարար Արթուր Մարտիրոսեանի կողմէ համալսարանի գլխաւոր մուտքին առջեւ բացումը կատարուած է կառոյցին պատմութիւնը ներկայացնող յուշատախտակին։

Այս կրթօճախը, որ ծանօթ է նաեւ «Թիֆլիսի Ներսիսեան հայ առաքելական ճեմարան» անունով, հիմնադրուած է 1824-ին Վրաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Ներսէս Աշտարակեցիի նախաձեռնութեամբ եւ փակուած է 1924-ին։ Իր գոյութեան հարիւր տարիներու ընթացքին հոնկէ շրջանաւարտ եղած են գրականութեան ու արուեստի, մանկավարժութեան ու գիտութեան, գիւղատնտեսութեան, արդիւնաբերութեան ու առողջապահութեան բնագաւառներու մէջ յայտնի շուրջ երկու հազար անհատներ։ Այդ շարքէն է Խաչատուր Աբովեանը, որ առաջին 11 շրջանաւարտներու հունձքէն էր։ ■