Search
Close this search box.

Թոյվօ Քլաար.– “Առանց Ղարաբաղի Հայերու կարծիքը նկատի առնելու՝ կարելի չէ հասնիլ կարգաւորման”

«Ազատութիւն» լրասփիւռին տուած հարցազրոյցին, Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար պատասխանելով այն հարցումին, թէ՝ արդեօք Լեռնային Ղարաբաղ ապրող հայերու մասնակցութի՞ւնը նկատի ունեցած է, երբ պրիւսէլեան եռակողմ հանդիպումէն յետոյ յայտարարած է, որ տևական և արդար խաղաղութեան համար պէտք է քննարկում տեղի ունենայ հիմնական բոլոր հարցերու շուրջ՝ շահագրգիռ բոլոր կողմերու մասնակցութեամբ, յայտնած է, որ առանց Ղարաբաղի Հայերու կարծիքը նկատի առնելու՝ կարելի չէ հասնիլ կարգաւորման։

Քլաար նաեւ նշած է. “Կ՚ենթադրեմ՝ ի վերջոյ, Ղարաբաղի Հայերը կողմերէն մէկն են եւ պէտք է լուծման գործընթացին մաս կազմեն՝ այդ ինչ ձեւով ալ տեղի ունենայ”:

ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչը ըսած է, թէ ինք չի տեսներ կարգաւորման հասնելու տարբերակ՝ առանց Արցախցիներու կարծիքն ու տեսակէտը հաշուի առնելու:

Եւրոպացի դիւանագէտը աւելցուցած է, թէ՝ Երեւանէն եւ Պաքուէն ստացուող ուղերձները դրական են, եւ իր համոզումով Պրիւսէլի մէջ կայացած հանդիպումը որոշ չափով արդիւնաւէտ եղած է: