Search
Close this search box.

ԹՈՒՄՕ կ՚ընդլայնէ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղուած նախաձեռնութիւնը՝ սքանաւորման միջոցով

Ստեղծարար արհեստագիտութիւններու Թումօ կեդրոնը կ՚ընդլայնէ Հայաստանի եւ Արցախի պատմամշակութային վայրերու պահպանման ուղղուած նախաձեռնութիւնը՝ թուայնացման միջոցով։

 

2018-էն ի վեր Թումօ-ի ուսանողները թուայնացուցած են շարք մը հայկական պատմամշակութային յուշարձաններ՝ լազերային սքանաւորման եւ ֆոթոկրամեթրիայի  միջոցով: Անոնց մէջ են նաեւ Արցախի կարեւոր յուշակոթողները։ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին անմիջապէս յաջորդած շաբաթներու ընթացքին սքանաւորուած են 46 պատմամշակութային կոթողներ, 30 ուրիշներ ալ՝ 2022 Նոյեմբերին: 

Ցարդ սքանաւորուած է 230 վայր, իսկ յառաջիկայ երկու-երեք տարիներու ընթացքին կը նախատեսուի 300 հայկական յուշարձանի սքանաւորումը:

Բարձրորակ եռաչափ օրինակները հանրութեան հասանելի դարձնելու համար 2024-ին կը ստեղծուի առցանց հարթակ:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել՝  https://tumo.org/hy/armenian-cultural-heritage/

#TUMO