Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը կը համարէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ ընթացող «խաղաղ բանակցութիւնները» խաթարելու ուղղուած քայլ մը։
«Անգարա կը դատապարտէ այս ընտրութիւնը, որ տեղի կ՚ունենայ այն պահուն, երբ Ազերպայճան ու Հայաստան կը փորձեն շարունակել խաղաղ բանակցութիւնները։ Թուրքիա չի ճանչնար այդ ոչ-օրինական ընտրութիւնը, որ կը խախտէ Ազերպայճանի ինքնիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը»,– նշուած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Թուրքիա ՄԱԿ-ին ու միջազգային կազմակերպութիւններուն եւս կոչ ըրած է չճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան նախագահին ընտրութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։