Search
Close this search box.

ԹՈՒՐՔԻԱ – ԱՆԹԱԼԻԱ – Ռուբինեանի հետ վիճարկումին՝ Հաճիեւ. «Խաղաղութիւնը կ՚առնչուի Պաքուի եւ Երեւանի, այլ ոչ թէ Փարիզի ու Պրիւսէլի»

Մարտ 1-ին, Անթալիոյ դիւանագիտական խորհրդաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած առանձին քննարկումին իբրեւ բանախօսներ հանդէս եկած են  հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման հարցերու յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սերտար Քըլըչ, Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար։

Իր խօսքին մէջ Ռուբէն Ռուբինեան ընդգծած է, որ Հայաստան պատրաստ է եւ ամէն ինչ կ՚ընէ համաձայնութեան արժանացած սկզբունքները խաղաղութեան պայմանագրին մէջ ամրագրելու համար։ Սակայն այդ նոյն պատրաստակամութիւնը չենք տեսներ Ազերպայճանի կողմէ”,– ըսած է ան։

Պատասխանելով Հիքմեթ Հաճիեւի դիտարկումներուն, թէ Ազերպայճանի առնչուող կէտեր կան Հայաստանի Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ, Ռուբինեան շեշտած է, թէ Հայաստան տարածքային յաւակնութիւններ չունի Ազերպայճանի հանդէպ եւ այդ մասին շատ խօսուած է։

“Խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծին մէջ կայ երկու կէտ, որոնք համաձայնութեան արժանացած են ամէնէն բարձր մակարդակով․ սեւ ճերմակի վրայ գրուած է, թէ երկիրները կը ճանչնան մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութիւնը, չունին տարածքային յաւակնություններ իրարու նկատմամբ։ Երկրորդը, այդ համաձայնագիրը չկատարելու համար՝ չեն կրնար յղում ընել ներքին օրէնսդրութեան”,–  դիտել տուած է Ռուբինեան։

Անդրադառնալով Ազերպայճանի նախագահի օգնականի՝ Հայաստանի ռազմականացման մասին դիտարկումին՝ Ռուբինեան նշած է, որ Հայաստան մի՛այն պաշտպանական զէնքեր կը գնէ, ի տարբերութիւն Ազերպայճանի։

Իր կարգին, Հաճիեւ կրկնած է Պաքուի պաշտօնական թեզը, թէ «որոշ ուժեր կը փորձեն Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ զարգացնել ոչ թէ սահման, այլ առճակատման գիծ»։

“Խաղաղութիւնը կ՚առնչուի Պաքուի եւ Երեւանի, ան կապուած չէ Փարիզի, Պրիւսէլի եւ այլ քաղաքներու հետ”,– շեշտած է Հաճիեւ, աւելցնելով. “Հայաստան-Ազերպայճան սահմանը պէտք է իրական սահման ըլլայ, այլ ոչ թէ առճակատման գիծ։ Այդ շրջածիրին մէջ կայ որոշ հարց մը, որ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան»։

 

Ռուբինեան. «Հայաստանի մէջ Զանգեզուր անունով տարածքային միաւոր չկայ, կայ Սիւնիքի մարզ, Մեղրի քաղաք եւ այլն»

Նոյն քննարկումին, Ռուբէն Ռուբինեան պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին մէջ հնչած «Զանգեզուրի միջանցք» արտայայտութեան, ըսած է. “Եթէ մենք կը փափաքինք հասնիլ խաղաղութեան, ապա կարեւոր է, որ չօգտագործենք կողմերուն համար զգայուն եզրեր։ Հայաստանի մէջ «Զանգեզուր» անունով տարածքային միաւոր չկայ, կայ Սիւնիքի մարզ, Մեղրի քաղաք եւ այլն։ Աւելի՛ն, Հայաստան երբեք համաձայնութիւն չէ տուած արտատարածքային միջանցք տրամադրելու Ազերպայճանին”։

Ռուբինեան յայտնած է, թէ Հայաստանի կեցուածքը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի բոլոր ենթակառոյցներու ապաշրջափակման վերաբերեալ յստակ է, ան ներկայացուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան մէջ։

“Խորհրդային ժամանակներուն գոյութիւն ունեցող ենթակառոյցները, ինչպէս նաեւ նորերը պէտք է շահագործուին երկիրներու ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, հաւասարութեան, փոխադարձութեան սկզբունքներով”,– նշած է Հայաստանի յատուկ բանագնացը։

Ռուբինեան. «Ես որեւէ պատճառ չեմ տեսներ հայթրքական սահմանը փակ պահելու

Ռուբէն Ռուբինեան նաեւ յայտնած է, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բարելաւումը դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ Հարաւային Կովկասի իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին վրայ։

“Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները պատմական համածիր մը ունին, եւ այդ եղելութիւնը մեր աշխատանքը չի դիւրացներ։

Յամենայն դէպս, Հայաստան պատրաստ է աշխատելու՝ յանուն ներկայի եւ ապագայի։ Ահա թէ ինչու 2022 Յուլիսին ես եգ Սերտար Քըլըչ հրապարակաւ յայտարարեցինք, որ մենք կը բանանք հայ-թրքական սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար։ Անկէ ետք մենք աւելցուցինք, որ սահմանը կը բանանք նաեւ դիւանագիտական անցագիր ունեցող անձանց համար։ Աւելի ուշ յայտարարեցինք, որ այդ կ՚ընենք 2023-ի ամռան, բայց դժբախտաբար, ցարդ սահմանը չէ բացուած։ Մեր կողմէ մեր բոլոր ենթակառոյցները պատրաստ են, եւ այժմ, եթէ Սերտար համաձայն ըլլայ, մենք կրնանք յայտարարել, որ կեանքի կը կոչենք մեր միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը”,– մանրամասնած է Ռուբինեան։

Ան աւելցուցած է. “Յաճախ այս հարցին մէջ որոշ զգայունութիւն կը նկատուի երկու կողմէն ալ, որ երբեմն զգացական բնոյթ կը հաղորդէ գործընթացին՝ թէ՛ դրական, թէ՛ բացասական առումով։ Օրինակ, 2023-ին տեղի ունեցաւ պատմական իրադարձութիւն մը. երկրաշարժէն յետոյ 30 տարուան մէջ առաջին անգամ մեր սահմանը բացուեցաւ, որպէսզի Հայաստանէն մարդասիրական օգնութիւն պարունակող բեռնակառքերը կարենան անցնիլ սահմանը եւ հասնիլ երկրաշարժի գօտի։ Սա ներշնչող է, բայց նաեւ տխուր փաստ մըն է, որովհետեւ մենք սահմանը բանալու համար ողբերգութիւններու կարիք չունինք, մենք պէտք չէ սահմանը բանանք ողբերգական պատճառներով։ Մենք բաց սահմաններու կարիք ունինք երջանկութեան եւ բարգաւաճման ժամանակ։ Եւ ես որեւէ պատճառ չեմ տեսներ հայ-թրքական սահմանը փակ պահելու”։

Ռուբինեան յոյս յայտնած է, որ Թուրքիոյ հետ գոյացած համաձայնութիւնները շատ շուտով կ՚իրականացուին՝ նշելով, որ  այդ առաջին քայլը կ՚ըլլայ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու ամբողջական բնականոնացման եւ հայ-թրքական սահմանին ամբողջական բացման համար։

Իսկ ի՞նչ ըսած է Սերտար Քըլըչ

Իսկ Քըլըչ իր կարգին պնդած է, որ «Թուրքիա կը փափաքի ամբողջութեամբ կարգաւորել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ։ Կան որոշ քայլեր, որ մենք պէտք է նկատի ունենանք, բայց նախ եւ առաջ մենք պէտք է հանդիպումներ ունենանք»։

Ան նշած է, որ Մոսկուայի մէջ համաձայնած են, որ յարաբերութուններու կարգաւորման գործընթացին  մէջ նախապայմաններ չըլլան։

Քըլըչ հայկական կողմը մեղադրած է հետագա հանդիպումներու համար երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագէտներու համար սահմանի բացումը որպէս նախապայման դնելով։ “Ես Ռուբէնին քանի մը անգամ ըսի, որ պատրաստ եմ Երեւան այցելելու բանակցութիւններու համար։ Ես պատրաստ եմ անոր հետ հանդիպում ունենալու նաեւ Անգարայոի մէջ։ Բայց, եթէ ան երրորդ երկերներու եւ դիւանագիտական անձնագիր ունեցողներու համար սահմանի բացումը որպէս նախապայման դնէ Անգարայի եւ Երեւանի մէջ մեր հանդիպման համար, մենք այդ ատեն խնդիր կ՚ունենանք։ Մենք պէտք է հանդիպինք եւ խոսինք։ Եթէ մենք կ՚ուզենք լուծում գտնել, ատոր բանալին հանդիպումն է, իսկ մենք մէկ տարիէ աւելի է, որ չկրցանք հանդիպում ունենալ”,– նշած է Թուրքիոյ յատուկ բանագնացը։

Անդրադառնալով Ռուբէն Ռուբինեանի դիտարկումին, թէ հայ-թրքական սահմանը կը շարունակէ փակ մնալ՝ հակառակ անոր, որ կողմերը համաձայնած էին 2023 ամռան բանալ զայն երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անձնագիր ունեցող անձերու համար՝ Քըլըչ ըսած է, որ իրենք կը փափաքին բանալ սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիվւանագիտական անձնագիր ունեցող անձերու, իսկ աւելի երկար ժամանակի վրայ՝ բոլորին համար, բայց այն ատեն երբ պահը  հասունցած ըլլայ։

Արձագանգելով Քըլըչի յայտարարութեան, թէ Հայաստան հանդիպումներու համար նախապայման կը դնէ՝ Ռուբինեան յայտարարած է, որ կարելի է թիւրըմբռնում կայ, որովհետեւ Հայաստան այդպիսի նախապայման չէ դրած։ “Ես եւ Սերտար վերջին անգամ հանդիպում ունեցանք Թեհրանի մէջ։ Ես արդէն երկու անգամ եկայ Թուրքիա եւ հանդիպում ունեցայ Սերտարի հետ։ Այսպէս, որեւէ նախապայման չկայ եւ ի հարկէ, մենք հետագային կը քննարկենք, թէ ուր հանդիպում կ՚ունենանք”,– ըսած է Ռուբինեան։