Search
Close this search box.

ԹՈՒՐՔԻԱ – Էրտողան. «Մենք Իսրայէլը կը յայտարարենք պատերազմի յանցագործ»

Իսրայէլ Թուրքիայէն ետ կը կանչէ իր դեսպանը

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Հոկտեմբեր 28-ին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Պաղեստինի զօրակցութեան բազմամարդ հաւաքին ըսած է. “Թուրքիա Իսրայէլը կը յայտարարէ պատերազմի յանցագործ եւ այդ կ՚ընէ ամբողջ միջազգային հանրութեան աչքին առջեւ”։

“Մենք արդէն կ՚աշխատինք այս եղելութեան լոյսին տակ: Դեռ քանի՞ երեխայ եւ կին պէտք է մեռնի. իւրաքանչիւր երկիր ունի ինքնապաշտպանութեան իրաւունք, բայց ո՞ւր է արդարութիւնը, իսկական ջարդ տեղի ունեցաւ Կազայի մէջ. անոնք կ՚ուզեն զանգուածաբար բնաջնջել Կազայի ժողովուրդը՝ զրկելով սնունդէ, ջուրէ, վառելանիւթէ”,– ընդգծած է ան:

Էրտողան Իսրայէլը անուանած է «զաւթիչ» եւ կրկնած, որ «Համաս» շարժումը ահաբեկչական կազմակերպութիւն չէ։

“Ո՞ւր էին Պաղեստինի եւ Կազայի սահմանները 1947 թուականին, եւ ո՞ւր են անոնք հիմա. Իսրայէ՛լ, դուք զաւթիչ էք, խո՛ւմբ էք, ոչ թէ պետութիւն, թուրք ազգը այդ գիտէ. եթէ Արեւմուտքը ձեզի որեւէ բան պարտական է, ապա մենք պարտական չենք: Երբ ես ըսի, որ «Համաս»-ը ահաբեկչական կազմակերպութիւն չէ, այդ անհանգստութիւն պատճառեց Իսրայէլին: Մենք գիտէինք, թէ ինչ արձագանգ պիտի ունենայ այդ յայտարարութիւնը, բայց եւ այնպէս մենք բացայայտօրէն եւ յստակ արտայայտեցինք մեր դիրքորոշումը”,–  ըսած է Էրտողան։

Ըստ անոր՝ Պաղեստինի զօրակցութեան ցոյցին ներկայ էր շուրջ մէկուկէս միլիոն հոգի: Միջոցառման կազմակերպիչները նախապէս յայտնած էին, թէ մասնակիցներու թիւը կրնայ հասնիլ երկու միլիոնի:

Իսրայէլ, որ ի տես Թուրքիոյ թշնամական կեցուածքին՝ արդէն յայտարարած էր, թէ  իր դիւանագէտները ետ պիտի կանչէ այդ երկրէն, Էրտողանի այս խօսքերէն ետք վճռապէս որոշած է ետ կանչել իր դիւանագէտները՝ «վերագնահատելու համար երկկողմ յարաբերութիւնները»:

Նեթանիահու. «Իսրայէլացի զինուորները մտան Կազայի հատուած. անոնք պիտի ոչնչացնեն “Համաս”-ը»

Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահու Հոկտեմբեր 28-ի երեկոյեան հեռատեսիլէն սփռուած յատուկ ուղերձին յայտարարած է, թէ իսրայէլացի զինուորները մտած են Կազայի հատուած եւ անոնք պիտի ոչնչացնեն «Համաս»-ը։

“Իսրայէլի քաղաքացինե՛ր, երէկ գիշեր մեր ցամաքային ուժերը անցան Կազայի դարպասներէն եւ մտան չարի որջը: Սա պատերազմ է յստակ սահմանուած նպատակով՝ ոչնչացնել «Համաս»-ի իշխանութիւնը եւ վերադարձնել պատանդները”,– ըսած է ան

*  *  *

«ՆՅ» – Ուղղակի շշմեցուցիչ է հաստատել, որ առանց մէկ իսկ բացառութեան՝ Արցախի Հայութեան գլխուն հասցուած բոլոր չարիքներու դատապարտումէն բաղկացած է Պաղեստինցիներու զօրակցութեան համար Էրտողանի արտասանած ճառը։ Վստահաբար, «արդարութիւն» հասկացութիւնը անոր արեւու «սիրուն» ակնոցի շրջանակով կը սահմանափակուի։ 

Պարտինք նաեւ շեշտել, որ սա մատնանշելով՝ բնաւ չենք հետապնդեր Պաղեստինի անմեղ ժողովուրդին կրած չարչարանքը նսեմասնելու, մա՛նաւանդ՝ արդարացնելու նպատակը, որքան որ անհանդուրժելի կը համարենք նաեւ իսրայէլացի անմեղ քաղաքացիներու վրայ գործուած յարձակումը։