Search
Close this search box.

ԹՈՒՐՔԻԱ – Hürriyet.– «Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման նոր փուլ. սառը հալեցնող 500 հեռաձայնային խօսակցութիւն»

Թրքական «Hürriyet» իշխանամերձ թերթի կայքին վրայ «Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման նոր փուլ. սառը հալեցնող 500 հեռաձայնային խօսակցութիւն» վերնագրով հրապարակման մէջ, հեղինակը անդրադարձած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեայի մը,– որ չէ փափաքած բացայայտել իր անունը,– հարցազրոյցին որոշ մանրամասնութիւններուն:

Յօդուածագիրը անդրադարձած է նաև յատուկ բանագնացներ Ռուբէն Ռուբինեանի ու Սերտար Քըլըչի աշխատանքային գործունէութիւններուն:

Գրութեան սկիզբը նշուած է, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը նոր փուլ թեւակոխած է եւ այդ շրջանակին մէջ կը նախատեսուի, որ Սեպտեմբերին երկու երկիրներու համապատասխան կառոյցները նոր հանդիպում ունենան թեքնիք հարցերու շուրջ միտքեր փոխանակելու նպատակով:

Հեղինակը մանրամասնած է՝ յայտնելով, որ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու կազմին մէջ պիտի ըլլան ներկայացուցիչներ՝ Երթեւեկութեան, Առեւտուրի ու Արտաքին գործոց նախարարութիւններէն։ Կը նախատեսուի ճանապարհային քարտէսի մը կազմութիւնը, որ կ՚ընդգրկէ նաեւ Ռուբինեան-Քըլըչ վերջին հանդիպումին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու շրջանակին մէջ պատուիրակութիւններու քայլերը: Սեպտեմբերին նախատեսուող հանդիպման վայրը տակաւին յայտնի չէ: 

Հեղինակը նշելով, որ Ռուբինեան եւ Քըլըչ  Մոսկուայի ու Վիեննայի ընդհանուր չորս հանդիպումներէն բացի, շուրջ 500 հեռաձայնային զրոյց ունեցած են, յղում ընելով թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ըսածներուն՝ կը գրէ, որ երկու յատուկ բանագնացները շատ անկեղծ ու բարեկամական երկխօսութիւն ունեցած են: Կը նշուի նաեւ, որ «հայ քաղաքական գործիչ Ռուբինեան փորձառու դեսպան Սերտար Քըլըչին հեռաձայնելու ատեն թրքերէնով կը բարեւէ»: