Search
Close this search box.

Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի քանի՞ քաղաքացի անշարժ գոյք գնած է Հայաստանի մէջ

Թուրքիոյ քաղաքացիները 2023 թուականի ընթացքին Հայաստանի մէջ 3 յարկաբաժին գնած են, բոլորն ալ` Երեւանի մէջ։ Այս տեղեկութիւնը յայտնած են Հայաստանի Անշարժ գոյքի յանձնախումբէն` պատասխանելով «Սփութնիք Արմենիա»-ի գրաւոր հարցումին։

Նշենք, որ 2022-ին Թուրքիոյ քաղաքացիները Հայաստանի մէջ 11 բնակարան գնած էին, կրկին Երեւանի մէջ։
Անշարժ գոյքի յանձնախումբէն տեղեկացուցած են նաեւ, որ Ազերպայճանի քաղաքացիները 2023-ին անշարժ գոյք չեն գնած Հայաստանի մէջ, մինչդեռ 2022-ին 2 անշարժ գոյք գնած էին, մէկը` Երեւանի, միւսը` Լոռիի մարզին մէջ (անհատական բնակելի տուն մը)։
«Հայաստանի մէջ Թուրքիոյ քաղաքացիներ 2023-ին վաճառած են երկու յարկաբաժին Երեւանի մէջ եւ մէկ հողամաս Արարատի մարզին մէջ: Նոյն այդ ժամանակահատուածին, Ազերպայճանի քաղաքացիի մը կը կողմէ վաճառուած է յարկաբաժին մը», յայտնած են Յանձնախումբէն` չյստակացնելով այդ երկիրներու քաղաքացիներու ազգութիւնը:

Աւելցնենք, որ 2022-ին Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ քաղաքացիները Հայաստանին մէջ ոչ մէկ անշարժ գոյք վաճառած են։

Անշարժ գոյքի յանձնախումբի նախապէս հրապարակած տուեալներուն համաձայն` երկրին անշարժ գոյքի շուկային մէջ օտար քաղաքացիներու կողմէ 2023-ին կատարուած է առուվաճառքի 4479 գործարք։ Ասոնց 1492-ի պարագային՝ օտարները գնորդ եղած են, 2834-ի պարագային` վաճառող, իսկ 153 այլ պարագաներու` երկու կողմն ալ հանդիսացած է օտար քաղաքացի։

Եզրափակելու համար նշենք, որ Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն ունեցող անձեր առաջին անգամ Հայաստանի մէջ անշարժ գոյք գնած են 2005-ին, իսկ Ազերպայճանի քաղաքացիութիւն ունեցողները` 2012-ին։