Հոկտեմբեր 22-25 թուրք-ազերպայճանական միատեղ ռազմափորձեր տեղի կ՚ունենան, նաեւ օդուժի մասնակցութեամբ, քանի մը ուղղութիւններով եւ քանի մը վայրերու մէջ, ներառեալ՝ Պաքուի, Նախիջեւանի եւ Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ։
Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու զինուորականներու խումբն ու օդուժը արդէն կը գտնուին Ազերպայճան՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած ռազմափորձերուն մասնակցելու նպատակով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։