Search
Close this search box.

Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոնի անկիւնը

«ՖիկառօՄակազին»-ի փոխտնօրէն ԺանՔրիսթոֆ Պիւիսոն կը շարունակէ X-ի իր հարթակին վրայ անդրադառնալ Արցախի մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակին։ Այս անգամ անոր ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուի Արցախի խորհրդանիշ «Մենք ենք մեր սարերը» յուշակոթողը:

«Ստեփանակերտի մուտքին տեղադրուած “Մենք ենք մեր սարերըքանդակը տասնամեակներ ամբողջ խորհրդանշած է Արցախը։ Բոլոր Հայերը զայն անուանակոչած են «Տատիկ եւ Պապիկ»: Արդեօք այս հայկական ժառանգութիւնը պիտի վերապրի՞ Ազերիներու սովորական դարձած կործանարար խելագարութեան պայմաններուն տակ»: