Search
Close this search box.

ԺԸՆԵՒ – Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպում

 

Հոկտեմբեր 2-ին Ժընեւի մէջ կայացած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներ՝ Միրզոյեանի եւ Պայրամովի հանդիպումը։

Նախարար Միրզոյեան վերահաստատած է հայկական կողմի դիրքորոշումը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն ազերպայճանական զօրքերու հեռացման եւ բոլոր հայ ռազմագերիներու անյապաղ ազատ արձակման վերաբերեալ։ Ընդգծուած է՝ սահմանային իրավիճակի վերահսկողութեան նպատակով միջազգային գործիքակազմերու ներդրումը։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է, որ Ազերպայճանի զինեալ ուժերու գործած պատերազմական ոճիրները պէտք է յստակ գնահատականի արժանանան միջազգային ատեաններու կողմէ, իսկ յանցագործները պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկուին։

Կողմերը միտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի, Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխիքներու ապահովման վերաբերեալ, այդ կարգին` Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու գործիքակազմ ստեղծելու միջոցով։

Դրական գնահատուած է երկուստեք ըմբռնումը, որ տարածաշրջանային երթեւեկութեան ուղիները պիտի ապաշրջափակուին երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքոյ։