«Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժ.-Ք. Պիւիսոն X-ի իր հաշիւին հրապարակած նոր մէկ գրառումով ահազանգ կը հնչեցնէ.
«ԱՀԱԶԱՆԳ – Ուքրաինա ներխուժած ռուսական բանակի օրինակով` դէպի Հայաստան-Ազերպայճան սահման մեկնող ազերպայճանական զինուորական կառքերուն վրայ պատկերուած է Հայաստանի քարտէսը խորհրդանշող նշան մը (ԽՄԲ. – լատինատառ V գիրը), որու վարի մասը կտրող գիծ մը գծուած է վրան՝ նպատակի յայտարարութեան մը նման՝ Սիւնիքը կտրել երկրին մնացած տարածքէն…»։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։