Search
Close this search box.

Ժ.-Ք. Պիւիսոն կը դատապարտէ ԵՄ-ի յայտարարութիւնը

Մեր դատի լաւագոյն պաշտպաններէն (թերեւս՝ լաւագոյնը) Ժ.-Ք. Պիւիսոն X-ի իր հաշիւին կատարած գրառումով խստօրէն կը դատապարտէ Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց եւ ապահովութեան քաղաքականութեան բանբերին այս յայտարարութիւնը, այպանելով Եւրոպական Միութիւնը՝ «ամօ՛թ՝ իրեն»։ Պիւիսոն կը գրէ, թէ մինչ Արցախի 120.000 այրեր, կիներ ու երախաներ սովի մատնուած են Ազերիներու պարտադրած անմարդկային շրջափակման պատճառով՝ հոն կազմակերպուեցաւ նախագահական ժողովրդավարական ընտրութիւն մը։ «Եւ, ԵՄ-ի այս բանբերը աւելի լաւ բան չէ՞ գտած, քան՝ ծաղրել, մերժել ու որակազրկել այդ ընտրութիւնը»,– կ՚եզրափակէ Պիւիսոն։