Search
Close this search box.

Իջեւանի մէջ բացում՝ «Փաթրիք Տեվեճեան» արհեստագործական վարժարանի

Հօ-տը-Սէն նահանգի նախագահ Ժորժ Սիֆրետի Մայիս 28-ին Իջեւանի մէջ բացումը կատարած է «Փաթրիք Տեվեճեան» արհեստագործական վարժարանին: Այս ծրագիրը կ՚ամրապնդէ Հօ-տը-Սէնի եւ Տաւուշի համագործակցութիւնը եւ կը նպաստէ կրթութեան ու տեղական գիւղատնտեսութեան:

Այս առիթով Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի «X» ընկերային ցանցի իր հաշիւին գրած է.

«Անաթոլ Ֆրանս, Միսաք Մանուշեան եւ այժմ՝ Փաթրիք Տեվեճեան: Հայաստանի մէջ երեք դպրոցներ կը կրեն ֆրանսացի անձնաւորութիւններու անուններ: Երեք հոգի՝ տարբեր դարաշրջաններու պատկանող եւ տարբեր համոզումներու տէր, բայց որոնք առաջնորդուած են Ֆրանսայի եւ Հայաստանի նկատմամբ նոյն սիրով»: