Search
Close this search box.

ԻՏԱԼԻԱ – Իտալահայ գրող, կենսաբան Սերճիօ Ծերունեանի “Hayrig” գիրքի շնորհահանդէսը

Հոկտեմբեր 29-ին, Իտալիոյ Չիթա տի Գասթելլոյի (Città di Castello) պատմական Ակադեմիայի (Accademia degli Illuminati) յարկին տակ տեղի ունեցած է իտալահայ գրող, կենսաբան Սերճիօ Ծերունեանի “Hayrig” գիրքին շնորհահանդէսը:

Ելոյթներով հանդէս եկած են քաղաքապետ Լուքա Սեքոնտի, Ակադեմիայի նախագահ Կրեկորիօ Անաստազի, “Tracciati Virtuali” ընկերակցութեան նախագահ Անթոնիօ Վելլա, ծանօթ գրող, լրագրող եւ հաղորդավար  Օսվալտօ Պեվիլաքուա, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչ Մարիետա Ստեփանեան:

Սերճիօ Ծերունեան, իբրեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգ, ներկայացուած “Hayrig” հատորին մէջ ամփոփած է իր ընտանիքին եւ իր կեանքի պատմութիւնը:

Նշենք, թէ նախորդ օրն ալ՝ Հոկտեմբեր 28-ին, նոյն քաղաքի պատմական թատրոնին (Teatro degli Illuminati) մէջ տեղի ունեցած 17-րդ գրական մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ընթացքին, Սերճիօ Ծերունեանի “Hayrig”-ը արժանացած է դատակազմի յատուկ մրցանակին։